2014-03-01 08:06:37

Մարտ 2014-ի` Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոնարական'' աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ կը ստանձնեն ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանացումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կարեւորութեան եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։
2014-ի Մարտ ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.
Որպէս ''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի բոլոր մշակոյթներու մէջ յարգուին կիներու արժանապատուութիւնն ու անոնց իրաւունքները''։
Իսկ որպէս ''աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի բազմաթիւ երիտասարդներ համապատասխանեն Տիրոջ կոչին, իրենց կեանքը նուիրագործելու Աւետարանի հռչակումին ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.